2014-08-08 10:57:25

ֆրանչիսկոս Քահանայապետին պատգամը Քոլոմպոյի ասպետներու կարգին` խտրութիւն չի կայ եղբայրներու միջեւ։


''Հաւատքը մեզի կը սորվեցնէ որ Եկեղեցին կանչուած է ըլլալու եբայրներու ու քոյրերու հասարակութիւն մը որ իրար զիրար կ'ընդունին, իրարու կ'օգնեն եւ հաշտութեան ու միութեան միջոց մը կը դառնան համայն մարդկային ընտանիքին ի սպաս''։ Կը գրէ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, Ս. Աթոռի պետական քարտուղար կարտինալ Փարոլինի ստորագրութիւնը կրող, Քոլոմպոյի ասպետներու կարգին ուղղած իր պատգամին մէջ, կարգի 132-րդ տարեկան համախմբումին առթիւ։
Սրբազան Քահանայապետը իր պատգամին մէջ կը մատնանշէ վերոյիշեալ կարգին յանձնառումը աղքատներուն եւ ընտանիքին ի խնդիր։
Այս տարուայ հաւաքին բնաբանն է. ''Ամէնքս եղբայրներ ենք. եղբայրակցութեան մեր կոչումը ''։ Քոլոմպոյի ասպետներու կարգը, իր հիմնարկութենէն մինչեւ օրըս, լաւագոյնս կը կատարէ իր կոչումը։
Պատգամին մէջ մեծապէս կը գնահատուի Քոլոմպոյի ասպետներու կարգի բերած ներդրումը ֆիլատելֆիայի մէջ կատարուելիք ընտանիքի համաշխարհային հաւաքին 2015-ին։ Ընտանիքը արդարեւ մեծագոյն դպրոցն է եղբայրակցութեան։







All the contents on this site are copyrighted ©.